2015-09-08 11:47:00

Ֆրանչիսկոս Պապ` ''Աստուած կ՛ընկերանայ մեզի բոլորիս` սուրբեր եւ մեղաւորներ''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Աստուած կը հաշտեցնէ եւ կը խաղաղեցնէ, իր ժողովուրդին հետ միասին քալելով'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը այսօր (8 սեպտեմբեր 2015) առաւօտեան` Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, հուսկ ներշնչուելով Աստուածամօր ծննդեան ծիսական տօնակատարութենէն մատնանշեց թէ ամէնքս հրաւիրուած ենք ըլլալու խոնարհ ու մօտիկ մերձաւորին` այնպէս ինչպէս մեզի կը սորվեցնեն Երանութիւնները Մատթէոս Աւետարանի 25 գլուխին մէջ։ 

Յիսուսի պարտականութիւնն է ''հաշտեցնել ու խաղաղեցնելն է'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծելով թէ ''այս ընելու համար, Ան ունի յատուկ ձեւեր''։

Տէրը­, յարեց Նորին Սրբութիւնը, կ՛ընտրէ փոքրիկ բաներ, խոնարհ իրողութիւններ` մեծ բաներ իրագործելու համար։ Ան ապա մեզ կը խրատէ դառնալու փոքր մանուկներու նման որպէսզի կարենանք Երկնքի Արքայութեան մէջ մտնել։ Այս ընելու համար Տէրը քալեց իր ժողովուրդին հետ, Աստուած քալեց մարդոց հետ` ըլլան անոնք  բարի կամ չար, ու այս ուղեւորութեան ընթացքին Տէրը աճեցուց իր ժողովուրդին յոյսը` Մեսիայի յոյսը։ Մեր Աստուածը ''մեզի մօտ է'' ու Ան մեզի համար կը մաղթէ լաւ բաներ։

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ հաստատեց թէ որպէս քրիստոնեաներ մենք եւս քալելու ենք խաղաղեցնելու համար եւ այս մէկը ընելու ենք մերձաւորին հանդէպ սէր ցուցաբերելով։

Աստուած ամենակարող ու մեծ է սակայն մեզի կը սորվեցնէ խաղաղութեան եւ հաշտութեան մեծ գործը իրագործել փոքրիկ բաներու մէջ, ուղեւորութեան ընթացքին, առանց կորսնցնելու յոյսը որ կարող է երազել մեծ երազանքներ ու դիմել լայնածաւալ հորիզոններու։

''Այսօր Փրկութեան վճռակամ մէկ հանգրուանի յիշատակումի առթիւ, Աստուածամօր ծնունդը, խնդրենք միութեան շնորհքը, խնդրենք շնորհքը հաշտութեան եւ խաղաղութեան ու այս ընենք մօտիկ ըլլալով ուրիշներուն, փոքրիկ ներգործութիւններու միջոցաւ։ Փոքրիկ բաներուն մէջ ամէն ինչ կայ. Կայ Աստուծոյ երազը, Անոր սէրը, Անոր խաղաղութիւնը ու Անոր հաշտութիւնը։ Կայ Յիսուսը որ ամէն ինչ է'' եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.